2014-05-23 09:32:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ երկիր ուխտագնացութեան առթիւ` Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի պատգամը՝ Եւրոպայի հաւատացեալներուն


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ երկիր ուխտագնացութեան առթիւ, Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, պատգամ մը յղած են Եւրոպայի բոլոր հաւատացեալներուn, որուն մէջ հրաւիրած է հաւատացեալները՝ միասնաբար խորհրդածելու եւ ապրելու, Եկեղեցւոյ յատուկ աղօթքի պահը։
Պատգամին մէջ, Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը գրած է , ''Սուրբ Պետրոսի յաջորդին՝ Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնը,
թող առիթ հանդիսանայ բոլոր Եւրոպացի հաւատացեալներուն, յայտնելու մեր մօտիկութիւնը՝ Յիսուսի Երկրին մէջ ապրող մեր բոլոր եղբայրներերուն, որոնք իրենց հաւատքին մէջ յարատեւեցին, հակառակ երկրին մէջ տիրող խոչընդոտներու''։
Պատգամի աւարտին, Եւրոպացի Եպիսկոպոսները, Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն հասցէին ուղղած են շնորհակալան խօսք մը` Շնորհակաութիւն կը յայտնենք, ձեր առօրեայ կեանքին մէջ ապրած քրիստոնէական հաւատքի վկայութեան։ Ձեզի կ'ըսենք։ Դուք, մեր քրիստոնեայ կեանքին համար քաջալերանքի եւ խթանի աղբիւր էք։ Գրած են եպիսկոպոսները։








All the contents on this site are copyrighted ©.